ԿՈՉՆԱԿ

«Անցեալին կը նայիմ, երբ հարկ է, չկրկնելու համար անցեալի սխալները»

Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զէքիեան
փիլիսոփայ, հայագէտ, հրապարակախօս
Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զէքիեան
փիլիսոփայ, հայագէտ, հրապարակախօս

Հարցազրոյց Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զէքիեանի հետ
ՀՀ ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ, ԵՊՀ պատուաւոր տոքթոր, Իսթանպուլի համալսարանի փրոֆէսոր, Վենետիկեան ակադեմիայի իսկական անդամ, Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ, Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ, հայագէտ

— Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան Մխիթարեան վարժարանի կալուածի շինարարական գործարքին շուրջ մեծ աղմուկ բարձրացաւ, նոյնիսկ Հայաստանի նախագահի վարժարան այցելութեան ու անոր կողմէ վարժարանին զօրակցութեան կոչի առիթ տուաւ։ Ինչո՞ւ այս աղմուկը այս պահուն, երբ խնդիրը, դժուարութիւնները 30 տարուան անցեալ մը ունին։

— ՀՀ Նախագահին դպրոց այցելութեան նշանակութիւնը ինքնին բաւական է արդէն բանիմացին համար։ Տիար Նախագահին, ինչպէս եւ ՀՀ պատկան իշխանութիւններուն տուած եմ եւ կու տամ միշտ կարեւոր տեղեկութիւնները Մխիթարեան Միաբանութեան իրավիճակին մասին։

Այսօր բարձրացուած աղմուկը, ի տես Միաբանութեան կողմէ կենսունակութեան եւ մերձաւոր անցեալի դարմանման ուղղութեամբ յայտնի նշաններու, պարզապէս անհասկնալի է, եթէ չուզենք դիմել այլ վարկածի, ի տես երեսուն եւ աւելի տարիներու անտարբերութեան։

— Իբրեւ Մխիթարեան միաբան 1980-ականներուն եղած էք Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի տնօրէն, սակայն հետագային քաշուած էք Մխիթարեան միաբանական կեանքէն եւ նուիրուած՝ հայագիտական աշխատանքի՝ Վենետիկի Գա-Ֆոսքարի համալսարանի ծիրէն ներս։ Գիտնալով միաբանութեան դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւնները, ինչպէ՞ս եղաւ որ ընդունեցիք ստանձնել այսօրուան պաշտօնը, որ Մխիթարեան միաբանութեան 30-40 վերջին տարիներուն կուտակուած դժուարութիւններուն լուծում մը, ելք մը պէտք է գտնէ։

— Շնորհակալ եմ որ անցեալիս մասին տեղեակ էք։ Շատեր խօսեցան «Զէքիեան»-ի մը մասին, կարծես լեռներէն փրթած աւազակ մը ըլլար։ Ելեր էի Միաբանութենէն, ճգնաժամի զենիթային պահերէն մէկուն, չունենալով ո՛չ մէկ գործադիր իշխանութիւն, չկլանուելու համար թոհուբոհէն եւ հանդարտօրէն շարունակելու համար իմ գիտական եւ ակադեմական գործունէութիւնս։ Փա՜ռք Աստուծոյ, կարելի եղաւ իրագործել այս նպատակս։

Իսկ նոր պաշտօնները ընդունելուս պատճառները դժուար չէ կռահել։ Երբ տասնամեակներու ընթացք մը կայ, դանայեան սափորի մը նման, բարոյական պարտականութիւն, խղճի պարտք նկատեցի ընդունիլը, ինչպէս եղաւ Պոլսոյ թեմի պարագային։ Կրնամ յայտնել, որ աւելի քան քսան տարիներ մերժեր էի վճռակամօրէն, մինչեւ իսկ Սրբազան Քահանայապետէ մը անձամբ եկած հրաւէրը եպիսկոպոսական աստիճանը ընդունելու եւ թեմի մը հոգը ստանձնելու։ Բայց երբ տեսայ, որ Նախորդիս՝ Գերպ. Չոլաքեանով Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ պատմական թեմը, իր եկեղեցական ու մշակութային վիթխարի ժառանգութեամբ, պարզ ծուխի մը պիտի վերածուէր գործնականօրէն, անհետացման սպառնալիքով, ընդունեցի։ Հետեւեցաւ Մխիթարեան Միաբանութեան պատասխանատւութիւնը։

— Ինչո՞ւ ձախողեցաւ «Սեւր 2015» ծրագիրը, որ կը վայելէր Վատիկանի, Ֆրանսայի շրջանային իշխանութիւններու եւ ֆրանսահայ համայնքի ծանօթ կարգ մը անձնաւորութիւններու զօրակցութիւնը։

— Արտօնեցէք, որ այս հարցումին չպատասխանեմ, քանի որ ապրող անձեր խնդրոյ առարկայ են եւ ոեւէ մարդու մասին խօսելու համար պատմական հեռանկարով, լաւ է գոնէ յիսուն տարի մը սպասել։

— Նկատի առնելով Թուրքիոյ մէջ Կաթողիկէ համայնքապետի ձեր պաշտօնը, նպատակայարմա՞ր էր նաեւ Մխիթարեան հաստատութեան աբբահայրութեան պաշտօնի ստանձնումը ձեր կողմէն։

— Նախ ըսեմ, որ ես «Աբբահայր» չեմ։ Իմ պաշտօնս ուղղակի Փրանկիսկոս Պապէն կու գայ եւ իր պատուիրակն եմ Մխիթարեան Միաբանութեան համար։ Արդեօք կա՞րճ է մեր յիշողութիւնը։ Փրանկիսկոս, տասնամեակներէ ի վեր առաջին Պապը եղաւ այնքան յստակօրէն բանաձեւելու եւ ընդունելու Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Անձիս դէմ տեղացած լուտանքները, դժբախտաբար, կ’երթան նաեւ զիս նշանակողին, առանց նոյնիսկ գիտակցելու՝ թէ ո՛վ է եւ ի՛նչ ըրած է այդ մարդը։

Յետ այս հիմնական ճշդումին, շատ յստակ ըլլայ բոլորին համար, որ անցնող չորս տարիներու ընթացքին դոյզն ճնշում չէ բանեցուած, ո՛չ իսկ դոյզն ուղղութիւն թելադրուած է ինծի Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ։

Մէկ կողմ թողլով անձիս դէմ կատարուած հրապարակային ահաւոր զրպարտութիւնը, որ անարգանքին ամենավատն է, դարձեալ ըսեմ՝ որ երէկ ծնած մէկը չեմ։ Քսան տարի անընդհատ Թուրքիա չէի վերադարձած, առ ի զգուշութիւն, Մեծ Եղեռնի եւ ցեղասպանութեան մասին աւելի քան տասնհինգ գիտական ծաւալուն յօդուածներուս պատճառով. եւ այստեղ առանց կեղծ համեստութեան, թող արտօնուի ինծի յիշել՝ եօթանասնամեակիս առթիւ ՀՀ Գիտութիւններու Ակադեմիայի ժամանակի փոխնախագահ, հոգելոյս փրոֆ. Վլադիմիր Բարխուդարեանի այս մասին գնահատանքի արտայայտութիւնը։

Երկու հազար թուականին, երբ պնդումով հրաւիրուեցայ Պոլիս, համայնքային կարեւոր ձեռնարկի մը համար, երկիրը արդէն շատ փոխուած էր ու դժուար կը հաւատայի աչքերուս եւ ականջներուս։

Երբ նշանակուեցայ Պոլիս, առաջին գործերէս մէկը եղաւ ներկայանալ ժամանակի Թուրքիոյ Վատիկանի դեսպանին, որուն խօսեցայ՝ արդէն աւելի քան քառասնամեայ գործունէութեանս մասին, բացայայտօրէն ըսելով՝ թէ չեմ կրնար ես զիս հերքել, ուրանալ ինչ որ գրած եւ ըսած եմ։ Պատասխանը եղաւ շատ յստակ. «Նման խնդիր գոյութիւն չունի: Դուք Ձեր մտածումը կ’արտայայտէք ամենայն յստակութեամբ եւ անկեղծութեամբ, բայց Ձեր գրութիւններուն մէջ չէ գտնուած բառ մը՝ որ անարգական ըլլայ թուրք ժողովուրդին կամ թուրք ինքնութեան համար»։

Ե՛ւս առաւել, 2015-ին Հռոմի մէջ, պելճիքացի Յիսուսեան գիտնական Հ. Ժորժ Ռիւսընի, իր իսկ խնդրանքին վրայ, Հայոց սպանդներու մասին, սկսեալ Համիտեան ջարդերէն մինչեւ 1923՝ ներառեալ Մեծ Եղեռնի ցեղասպանութիւնը, եօթհատորեայ հրատարակութեան շնորհահանդէսին, օրուան գլխաւոր խօսքը ուղղեցի։ Ներկայ էին նաեւ Թուրքիոյ Վատիկանի դեսպանութեան ներկայացուցիչներ, որոնք յատկապէս հրաւիրուեր էին հատորները հրատարակող Արեւելագիտութեան Պապական Ինստիտուտին կողմէ։

Բացայայտօրէն խօսելով հանդերձ Ցեղասպանութեան մասին, Անգարա վերադարձիս յատուկ հրաւէր մը ստացայ մօտալուտ սեմինարի մը, ընդմէջ հայ եւ թուրք մասնագէտներու, Գոնրատ Ատենաուեր Շթիֆթունկի նախաձեռնութեամբ, որուն կը մասնակցէին ՀՀ-էն հետեւեալ մասնագէտները՝ Ալեքսանդր Իսկանդարեան, Ռիչըրտ Կիրակոսեան, Ռուբէն Մեհրաբեան, Ստիոպա Սաֆարեան։ Պարզ է որ Վատիկանի մէջ դեսպանին խօսքերը օդի մէջ նետուած խօսքեր չէին։

— Տարիներ շարունակ Մխիթարեան նախկին սաներու միութիւնը փորձած է զօրավիգ կանգնիլ Սեւրի վարժարանի տնօրէնութեան եւ Մխիթարեան միաբանութեան, որեւէ ընդունելի առաջարկ չէ՞ գոյացած անոնց կողմէ։

— Յետ նշանակումիս, Միաբաններու հետ առաջին հանդիպման Ս. Ղազարու Մայրավանքին մէջ, հետեւեալը ըսի. «Ես անցեալով չեմ զբաղիր, ե՛ւս աւելի չեմ ուզեր անցեալը դատել»։ Նախ որովհետեւ նման դատաստան մը քննարկումի ամեհի ժամանակ մը կը պահանջէ, որ կը պակսի ինծի, եթէ կ’ուզեմ իսկապէս ներկայով զբաղիլ։ Անցեալին կը նայիմ, երբ հարկ է, չկրկնելու համար անցեալի սխալները։

— Ի՞նչ է առաւելութիւնը «Նիս»-ի անշարժ գոյքի գործակալներու առաջարկին, բաղդատած՝ այլ առաջարկներու, որոնք շրջանառութեան մէջ են։

— Նախ հիմնական թիւրիմացութիւն մը կայ, ինչպէս գրեթէ ամէն նախադասութեան մէջ, որոնք այս օրերուս կարծես ուրիշ նպատակ չունէին՝ բայց եթէ լեռնէն փրթած աւազակ «Զեքիեան» մը պախարակել, սխալներ կամ թիւրիմացութիւններ իբրեւ ճշմարտութիւն յերիւրելով։ Նիսի գործակալները պարզապէս միջնորդներ են, որոնք մեզի ներկայացուցին Ֆրանսայի չորս մեծագոյն ընկերութիւններ, որոնցմէ երկուքը զեղչած ենք արդէն, կը մնայ ընտրութիւնը վերջին երկուքին միջեւ։

Նիսէն մեզի որեւէ առաջարկ չէ եկած, այս չէր արդէն իրենց ո՛չ գործը, ո՛չ դերը։ Ինչպէս արդէն յայտարարած ենք, առ այժմ որեւէ պայմանագրութիւն խնդրոյ առարկայ չէ։ Առջեւնիս ունինք հետազօտութեան շրջան մը։ Ոեւէ հայ անհատ կամ հաստատութիւն, որ առ նուազն նման պայմաններ ընծայէ, կրնայ ներկայանալ. ունկնդրութեան ատեանը ներկայիս բաց է։

— Թրքական կառավարութեան կողմէ որեւէ ազդեցութիւն բանեցուա՞ծ է «Նիս»-ի միջնորդութեան լուծումի որդեգրումին մէջ։

— Բացարձակապէս։ Արդէն բաւական ըսի այս մասին։ Իսկ «Նիս» անունը եւ կամ առ հասարակ Միաբանութեան պաշտօնիս վերաբերեալ ո՛չ իսկ մէկ նախադասութիւն փոխանակուած է պետական շրջանակներու հետ խօսակցութիւններուս ընթացքին։ Սա եւս ըսեմ՝ որ Միաբանութեան հարցերը ունին նաեւ իրենց առանձնաւորութեան պահանջները։

Նաեւ մամուլի հետ յարաբերութիւններուս մէջ միշտ զգոյշ եմ, որ Միաբանութեան հարցերը պահեն այն անհրաժեշտ առանձնաւորութիւնը, որ ամէն հաստատութեան սրբազան իրաւունքն է։ Մերթ կը հրատարակեմ հաղորդագրութիւններ, որոնց միակ նպատակն է յստակացնել, ինչպէս այս ներկայ պատասխաններուս միակ նպատակն է փարատել թիւրիմացութիւններու այն ահաւոր մշուշապատ մթնոլորտը, որ ստեղծուեցաւ Սեւրի առնչութեամբ։ Անշուշտ եթէ կան բարեացակամ մարդիկ, պատրաստ՝ լսելու։

Սա եւս աւելցնեմ, որ ըստ ինծի հասած տեղեկութեան, ֆրանսական հետախուզութեան երկու սպասարկուներ ներկայացած են Սեւրի փոխանորդիս, ՀՀ Տիար Նախագահի այցելութեան վաղորդայնին։ Չզարմացայ, քանի որ նոյն երեւոյթին վարժ էինք տարիներ առաջ Իտալիայէն։ Ինչպէս ակնարկեցի, բայց աւելի յստակօրէն ըսեմ, Պոլիս ընդունած եմ այցելութիւնները օտար հիւպատոսներու, ես ինքս այցելած եմ հիւպատոսներ կամ դեսպաններ, բայց մէկ անգամ իսկ, այս չորս տարիներու ընթացքին, չէ ներկայացած պետական որեւէ պաշտօնեայ տեղեկութիւն խնդրելու համար այս այցելութիւններու մասին։

Հուսկ, նկատի առած այսքան թիւր մեկնաբանութիւնները, ըսեմ որ Պրն. Գրիգոր Աժտարխանեան ծանօթ բարեկամ մըն է աւելի քան երեսուն տարիներէ ի վեր, յատկապէս լուսահոգի Տիգրան Հաճեանի հետ Նիսի մէջ ձեռնարկած մեծ եւ օգտաւէտ գործունէութեան բերմամբ Հայ դպրոցին եւ հայ լեզուին ու մշակոյթին աւանդման մասին։ Բայց տեղեկութիւն անգամ չեմ ունեցած այդ տարիներուն իր արհեստավարժային ասպարէզին վերաբերեալ։ Այս մասին ինծի առաջին խօսող ու թելադրող անձը Հայաստանէն բարեկամ մըն է, երկար տարիներու մեծ աւանդով մը՝ հայրենի մշակոյթի, գիտութեան, կենցաղի եւ իրաւունքի բնագաւառներուն մէջ։

Հարցազրոյցը վարեց
Ժիրայր Չոլաքեան

Աղբյուրը՝ norharatch.com


Խմբ. Փարիզի մերձակա Սևրի արվարձանում գտնվող վարժարանի շենքը, որը համարվում է հայկական սփյուռքի պատմության ամենախորհրդանշական հաստատություններից մեկը, Մխիթարյան միաբանության սեփականությունն է: Վարժարանը հիմնադրվել է 1834 թ. Ֆրանսիայի թագավոր Լուի-Ֆիլիպի հրամանով, իսկ ներկայիս շենքում այն սկսել է գործել 1928 թվականից՝ կրթելով հայ պատանիների ու երիտասարդների բազմաթիվ սերունդներ:

Վերջին տարիներին վարժարանը կանգնած է բազմաթիվ դժվարությունների առջև: Մխիթարյան միաբանությունը բավարար միջոցներ չունի՝ վերանորոգելու և որպես մշակութային ու կրթական օջախ ծառայեցնելու ոչ բարվոք վիճակում գտնվող շենքը: Միևնույն ժամանակ, հաշվի առնելով, որ այն ազգային հարստություն է, փորձ է արվում գտնել ճիշտ լուծումներ։

ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգիսեանի այցելութիւնը Սեւրի Մխիթարեան վարժարան՝ ուղեկցութեամբ Հայր Լեւոն Զէքիեանի
Exit mobile version