«Ամենայն չարիք մտանեն ի միտս մարդոյ յանուսումնութենէ» (Եղիշէ)

Աքսորի աստուածաբանութիւն

(Տեսակէտ մը)

Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեան
Միաբան Մայր Աթոռոյ Ս. Էջմիածնի
Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեան
Միաբան Մայր Աթոռոյ Ս. Էջմիածնի

Ինչպէ՞ս խօսիլ աքսորի կամ տարագրութեան աստուածաբանութեան մասին, երբ մինչեւ օրս նման աշխատութիւն չէ մշակուած Հայ Եկեղեցւոյ աստուածաբանական կալուածէն ներս։ Չէ՛ գործադրուած նոյնպէս մեկնաբանական աշխատանք։ Չէ՛ օգտագործուած ցեղասպանութեան կամ ողջակիզումի մասին արդէն գրուած օտար գրութիւններ, որոնց ուսոմնասիրութեամբ կարելի ըլլար ուղղակի կամ անուղղակի կարծիք մը կազմել, տեսակէտ մը ունենալ աքսորի աստուածաբանութեան հայկական մտածելակերպին։

Այս երեւոյթը արդար զարմացում կը յառաջացնէ երբ նկատի ունենանք որ դարէ մը ի վեր, վերջին տարագրութեան օրերէն ասդին, մեր ժողովուրդին մէկ մասը բնաջնջման եւ անորակելի բռնագաղթի մը հետեւանք՝ դարձացած է աքսորական։ Այս դէպքերէն տուժած է նաեւ Եկեղեցին, իբրեւ հոգեւոր եւ նիւթեղէն կազմակերպութիւն։ Ուրեմն՝ մենք մեր առջեւ ունինք աքսորի դրութիւն, բայց զուրկ ենք անհրաժեշտ աստուածաբանական մտածողութենէն։

Քառասուն հազար հայերի գաղթը Պարսկաստանէն դէպի Կովկաս
Հեղինակ՝ Վլադիմիր Մոշկով (1792-1839)
Քառասուն հազար հայերի գաղթը Պարսկաստանէն դէպի Կովկաս
Հեղինակ՝ Վլադիմիր Մոշկով (1792-1839)
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահ

Հայ կրօնական մտածողներու նայուածքէն սայթաքո՞ւմ մըն է այս անհետաքրքրութիւնը, թէ ոչ գիտակցուած անտեսում մը, ենթադրելով թէ տարագրութեան աստուածաբանութիւնը չի կրնար յղանալի եզր մը ըլլալ, կամ ալ համարելով զայն նոյնիսկ անկարելի տարազ մը Քրիստոսի յարութենէն ետք։ Այսուհանդերձ մարդեր կան մեր օրերուն որոնց փոյթը չէ աստուածաբանական թերմինները կամ տարազները, անոնք իրենց մտքին մէջ որոշ թիւով հարցականի տակ դրուած հարցումներ ունին՝ ջարդերէն բխող եւ պատասխանի սպասող։

Հրատարակուած օտար աշխատութիւնները որոնք թէեւ կը խօսին «Շոհա»‐է, ողջակիզումէ, բրտութենէ, աստուածային լռութենէ, բռնութենէ, սփիւռքի մէջ գործող եկեղեցիէ, բայց այդ գրութիւնները չեն կրեր բնաւ «աքսորի կամ տարագրութեան աստուածաբանութիւն» պիտակուած գլխաւոր խորագիր մը։

Աստուածաբանութեան ընդհանուր պատմութեան մէջ այսպիսի մասնաւոր ճիւղ մը, իբրեւ առանձին ուսմունք չէ ճանչցուած, այնպէս ինչպէս որ, օրինակի համար, ճանչցուած է «Ազատագրութեան աստուածաբանութիւն» ճիւղը, որ երեւան եկաւ, ասկէ քանի մը տասնեակ տարիներ առաջ Հարաւային Ամերիկայի մէջ։ Ինքնին բարդ խնդիր է նման ճիւղ մը մասնաւորելը, որովհետեւ տարագրութիւնը, աքսորը, ոճիրը, մահը, աստուածային բնութեան, արարչագործութեան վսեմ ծրագրի կամ խորհուրդի մաս չեն կազմեր։ Աստուծոյ բնութեան մէջ չեն ո՛չ մահը, ո՛չ ալ աքսորը, հակառակ այն իրողութեան որ եդեմական պարտէզէն արտաքսման վճիռը արձակուած ըլլայ արարիչ Աստուծոյ կողմէ, մեր նախահօր Ադամի եւ նախամօր Եւայի դէմ։

Առաջին աքսոր

Ինչպէս յայտնի է, արտաքսման կամ աքսորման աստուածային որոշումը՝ նախադրութեամբ չէ, այլ հետեւանք Ադամի կողմէ գործուած պատուիրանազանցութեան։ Աստուածաշունչ մատեանի արտաքսման պատմութիւնը կը սկսի սապէս,‐ «…Եւ եհան արձակեաց զնա Տէր Աստուած ի դրախտէ անտի փափկութեան գործել զերկիր ուստի առաւ։ Եւ եհան զԱդամ եւ բնակեցոյց յանդիման դրախտին փափկութեան»։ – «…Եւ Տէր Աստուած արտաքսեց անոր (այսինքն՝ Ադամին) բերկրութեան դրախտէն, որպէսզի երկիրը գործէ ուրկէ առնուեցաւ։ Աստուած դուրս հանեց Ադամը եւ բնակեցուց բերկրութեան դրախտին դիմաց» (Ծննդոց Գլխ. Գ հմր.23)։

Այս տողերը չեն թելադրեր աքսորի վերաբերեալ ուսմունք մը, կը հակադրուին աստուածաբանական ուսմունքներուն, որովհետեւ Աստուծոյ նպատակը մարդը պահելն է իրեն հետ միութեան մէջ, իր իսկ կեանքին մասնակից դարձած։ Ադամական արարքով սկզբնական կամ ծննդեան միութիւնը կը խախտի, կը խզուի։ Յետագային վերամիութեան յարաբերութիւնները Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ, որ պիտի յանգի Քրիստոսով փրկագործութեան, այն դէպքերն են որոնք կը բաղկացնեն աստուածաբանութեան բաղադրամասերը։ Այստեղ զանց առած ենք մասնաւորել ադամական անկումի դէպքը որ սկզբնապատճառն է աղէտի, աղէտներու աղէտը պիտի փափաքէինք ըսել, որմէ պիտի ծնէին գալիք ընդհանուր աղէտները, ստիպուած էինք զանց առնելու որովհետեւ նիւթը ընդարձակ ուսումնասիրութեան կարօտելով, ի վիճակի չէինք տուեալ պայմաններու տակ արծարծելու այդ շատ ծանր նիւթը։

Աքսորման դէպքին մէջ ուշագրաւ է Ադամի արտաքսուած վայրի պարագան։ Կը վռնտուի երկիր մը՝ «հող երկիր» ուր ստեղծուած է ան։ Մինչդեռ եդեմական պարտէզը շնորհեալ բնակավայր է ուր կոչուած է ապրելու.‐ «Եւ ստեղծ Տէր Աստուած զմարդն հող յերկրէ, եւ փչեաց յերեսս նորա շունչ կենդանի, եւ եղեւ մարդն հոգի կենդանի։ Եւ տնկեաց Աստուած զդրախտս յեդէմ ընդ արեւելս, եւ եդ անդ զմարդ զոր ստեղծ»։ – «Եւ Տէր Աստուած հող երկրէն ստեղծեց մարդը եւ անոր ռնգունքներուն կենդանութեան շունչ փչեց, ու մարդը կենդանի հոգի եղաւ։ Եւ Տէր Աստուած արեւելքին կողմը Եդեմի մէջ պարտէզ տնկեց ու իր ստեղծած մարդը հոն դրաւ» ( Ծննդոց Գլխ. Բ հմր.7‐8)։

Այս դրուագները մեզի կը յուշեն աւելի անդրադարձ մը՝ ժամանակաւորի, մեղքի, յանցանքի, մահուան մասին, քան թէ բուն իսկ աքսորի։ Մանաւանդ Սուրբ Գիրքը տեղեկութիւններ չի փոխանցեր Ադամի նոր պայմաններու մէջ ապրած «հոգեվիճակներէն»։ Գործած յանցանքը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է անոր վրայ, մանաւանդ որ կենդանութեան օրօք ականատես եղաւ մահուան իր զաւկին Աբէլի սպանութեամբ։ Ի՞նչ փորձառութիւն ապրեցաւ բարիի եւ չարի գիտութեան ձեռքբերումով։ Նախքան անկումը աստուծոյ ճանաչում մը ունէր։ Պահե՞ց, թէ ոչ՝ կորսնցուց։ Իսկ ճանաչման նոր զարգացումներ իր մօտ տեղի ունեցա՞ն։ Մտածե՞ց արդեօք զղջումի մասին կամ ապաշխարութեան, դարձեալ չենք գիտեր։

Ս. Գիրքը կը խօսի Ադամի սերնդագործութենէն եւ կը յիշատակէ անոր մահը եւ տարիքը։ Սակայն ան լուռ է այն բոլորի մասին որոնք այլապէս պիտի շահագրգռէին նաեւ մեր ներկայ հոգեբաններն ու հոգեվերլուծողները։ Ներքին մարդը կը բացակայի։ Աստուածաշունչը հոգեբանութեամբ չի զբաղիր։ Սրբազան խօսքը կը վերաբերի մարդկային կացութեան եւ ոչ թէ անոր ներքին ծալքերու մանրազննին քննութեան։

Դժուար է ճշդել, հաստատել աքսորի աստուածաբանութեան հիմքերը, անոր համար որ «աքսոր»ը աստուածային յատկանիշ չէ որպէսզի ըստ ինքեան կարելի ըլլար յղուիլ անոր աստուածաբանական համակարգին։ Միւս կողմէ, Ադամի ներաշխարհին ծալքեր ալ բացայայտ չեն։ Տեղեկութիւններու բացարձակ լռութիւն մը կը տիրէ։ Վերջապէս Ս. Գիրքը չի խօսիր Ադամի աքսորի փորձառութենէն, իր կորուսեալ դրախտի կարօտէն կամ անկարօտութենէն, աքսորի մասին իր մտածողութենէն, որպէսզի անոր փորձառութեան միջոցաւ կարելի ըլլար թերեւս աստուածաբանական ոլորտի մը անդրադառնալ։ Ուրիշ խօսքով՝ Ս.Գիրքը մեզի չի տար դրուագին մեկնաբանութիւնը։ Ան կը մնայ թելադրութեան մակարդակին։

Ադամի ժամանակներէն արտաքսման, վտարումի երկրորդ դէպք մը կայ, Աբէլի սպանութենէն ետք, որ կ’արժէ յիշատակել. «Եւ ասէ Կայէն զՏէր Աստուած. մեծ է պատիժ իմ քան զթողուլդ զիս։ Եթէ հանես զիս այսօր յերեսաց երկրէ, եւ յերեսաց քոց թաքեայց, եւ լինիցիմ երերեալ եւ տատանեալ յերկրի… Եւ ել Կայէն յերեսաց Աստուծոյ եւ բնակեցաւ յերկրին Նայիդ յանդիման եդեմայ»: – «Եւ Կայէն ըսաւ Տէրոջը, իմ մեղքս թողութիւն գտնելու չափէն աւելի մեծ է։ Ահա զիս այսօր երկրի երեսէն վռնտեցիր, ու ես քու երեսէդ պիտի պահուիմ, ու երկրի մէջ աստանդական ու թափառական պիտի ըլլամ. եւ պիտի ըլլայ որ ով որ զիս գտնէ, զիս պիտի մեռցնէ։ …Եւ Կայէն Տէրոջը առջեւէն ելաւ, ու Եդեմի արեւելեան կողմը, Նայիդ երկիրը, բնակեցաւ» ( Ծննդոց Դ 13‐14,16)։

Այս երկու արտաքսումներուն տարբերութիւնը կը գտնուի եդեմական պարտէզին եւ Նայիդ երկրին մէջ։ Ադամի առթիւ չենք կրնար ծննդավայրէ խօսիլ, որովհետեւ ան ծնած չէ, այլ ստեղծուած։ Ասոր համար թերեւս կարելի է խօսիլ ստեղծավայրի մը մասին։ Մինչդեռ Կայէն ծննդավայրէն կը վռնտուի դէպի Նայիդ երկիր։ Հետաքրքրական է նկատել որայս դէպքերու, դրուագներու պատումին մէջ, հայրենիքի, ծննդավայրի, աքսորավայրի գաղափարները չեն որ կ՚առաջադրուին։ Ասոնք տակաւին կազմաւորուած չեն թուիր։ Մեղք, մահ, կորուստ, անհնազանդութիւն կը կազմեն սուրբ գրային բնագրին մտահոգութիւնը. «Զի հող էիր եւ ի հող դարձցիս» ( Ծննդ. Գ. 19), Ն. Շնորհալիի բառերով.‐ «Վճիռ մահու մարդուն տուաւ դառնալ ի հող ուստի ստեղծաւ»։ Սուրբ գրային վարդապետութիւնը աքսորի դրուագին մէջ շեշտը կը դնէ մահուան երեւոյթին վրայ, զոհի, կորստեան։

Ադամ տեւապէս ճակատագրուած էր եդեմական պարտէզին մէջ անմահական երանելի կեանք ունենալու, շահագործեց իր անձնիշխանութիւնը, ոտնահարեց իր ազատութիւնը, եւ ինքզինքին թոյլատրեց տէրունի պատուիրանին դէմ անհնազանդութեան արարքը գործելու։ Մինչդեռ մահկանացու վիճակին մէջ չհամարձակեցաւ անհնազանդութեան փորձն անգամ կատարելու ընդդէմ չարական պատուիրանին։ Պատուիրանի հնազանդութեան հարցի մէջ Աստուծոյ հետ ամբողջական ազատութեան մէջ էր, բայց չարին հետ մնաց հնազանդութեան պարտադրանքին տակ. ուրիշ խօսքով՝ գերութեան մէջ։ Դատապարտուած էր, բռնի, չարին կամքը կատարելու։

Արդ ուրեմն տարագիր աշխարհի մէջ պիտի ծնին մարդկային սերունդները ադամական մեղքի եւ մահուան ժառանգութեամբ։ Ցեղեր, ժողովուրդներ, ընկերութիւններ պիտի կազմուին եւ Աստուած որպէս կեանքին տէրը նախախնամական միջամտութիւններով ուղղութիւններ պիտի տայ, պիտի յայտնուի, մարգարէներու բերնով պիտի խօսի, պիտի յայտնէ փրկութեան մտադրութիւնը, պիտի նախապատրաստէ մարդուն ազատագրութիւնը չարի գերութենէն, վերջապէս Միածին Որդիին առաքելութեամբ պատմականօրէն պիտի իրագործէ փրկութեան խորհուրդը Գողգոթայի բարձունքին վրայ, Յիսուսի խաչելութեամբ եւ յարութեամբ։ Մահկանացու մարդը աստուծմով պիտի վերադառնայ անմահական կեանքի։ Պիտի ապահովէ ներգաղթ մը, եթէ ոչ անպայման եդեմական պարտէզ, գոնէ դէպի Աստուծոյ թագաւորութիւն երկնաքաղաքացիութեան իրաւունքով։

Ինչպէս կը տեսնէք, յայտնութեան Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ պատահած այս դէպքերն ու յարաբերութիւնները յետագային պիտի կազմեն աստուածաբանութեան կալուածը։ Երբ կը խօսուի աքսորի կամ տարագրութեան աստուածաբանութեան անկարելի տարազէն, միանգամայն տարակերպօրէն նշմարելի է որ ամէն աստուածաբանական հարց կը բանի աքսորի ընդհանուր մթնոլորտի, պարունակի կալուածի մը մէջ։

Ասիկա ցոյց կու տայ թէ փրկախօսութիւնը կը պայմանաւորուի տարագրութեամբ. միւս կողմէ, հակառակ այս կացութեան, չենք կրնար տարուիլ ըսելու թէ աքսորը աստուածային նպատակադրութիւն է ինչպէս փրկախօսութիւնն է՛։ Հետեւաբար աքսոր‐փրկախօսութիւն, անհամատեղելի այս պայմանաւորուածութիւնը շատ հաւանաբար անթոյլատրելի ազդեցութիւն գործած է աքսորի աստուածաբանութեան անյղանալիութեան վրայ։

Շարունակելի

Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեան

Աղբյուրը՝ religions.am

Գրակ. «Ներման հարցը» ժողովածոյ, խմբագիր՝ Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեան, «Բան եւ գիր» մատենաշար թիւ 9, Մոնթրէալ, 2017, էջ 145:

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

Նոր հոդվածներ

Բանակը հասարակության հայելին է

Հայոց բանակի, նրանում եղած խոտելի երևույթների և համընդհանուր պատասխանատվության մասին

Մեր ազգային դժբախտությունը

«Գիտունին գերի եղի՛ր, անգետին սիրելի մի՛ եղիր»…Ժողովրդական առած 2019 թ. դեկտեմբերի 20-ին ՀՀ...

Եկեղեցու ղողանջները

Զանգի գյուտն արվել է դեռևս 4-րդ դարում Իտալիայի Նոլա քաղաքում: Բուն Հայաստանում առաջին անգամ Սբ. Հովհան Մանդակունի...

Աղօթքի մասին

«Աստուած հեռու է ամբարիշտներից, բայց նա լսում է արդարների աղօթքը»…Առակ. ԺԵ. 29 Աղօթքը...

Կոմիտաս` Էջմիածնի հալածված միաբանը

...Մայր Աթոռ Էջմիածնի միաբանությունում Կոմիտասի շուրջ խեղդիչ մթնոլորտն ավելի ծանրացավ, երբ վախճանվեց Խրիմյան Հայրիկը։

Շատ ընթերցուած

Մեր ազգային դժբախտությունը

«Գիտունին գերի եղի՛ր, անգետին սիրելի մի՛ եղիր»…Ժողովրդական առած

Քրիստոսի միաւորութեան մասին

«Եւ Բանն մարմին եղեւ եւ բնակեաց ի մեզ»…Յովհ. Ա 14

Բանակը հասարակության հայելին է

Հայոց բանակի, նրանում եղած խոտելի երևույթների և համընդհանուր պատասխանատվության մասին

Յարակից նիւթեր