
Սկիզբը՝ այստեղ
Հին Ժողովուրդներու կեանքին մէջ, իւղը կամ սուրբ իւղը, ունէր շատ կարեւոր տեղ եւ դեր՝ ե՛ւ մեծարանքի, ե՛ւ մաքրութեան, ե՛ւ խաղաղութեան, ե՛ւ սիրոյ, ե՛ւ սրբութեան խորհդանիշ ըլլալով:
Հին Կտակարանին մէջ Սուրբ Իւղի գործածութեան կը հանդիպինք բազմաթիւ անգամներ, որպէս սրբացման եւ մաքրութեան խորհրդանիշ, այսպէս.
ա. Գլխուն թափելով առաջնորդ կամ թագաւոր օծելու համար (Ելից 29.7, Ա. Թգ. 10, Սղ. 45.7, 89.20):
բ. Քահանայ, քահանայապետ նշանակելու, օծելու համար (Թուոց 35.25, Սղ. 133.2):
գ. Խորան օծելու համար (Ելից 40.9), ու նաեւ ուխտի քար (Ծն.28.18):
դ. Խորանի սպասներ օծելու համար (Ելից 30.26-28, 40.9):
ե. Մեղքերու թողութեան համար (Ղւ. 14.29, Սղ. 23.5):
զ. Զգեստներ սրբելու, մաքրելու համար (Ելից 29.21):
է. Պատերազմական գործիքներ օծելու համար (Բ. Թգ. 1.21):
ը. Վէրքեր մաքրելու համար (Եզ. 16.39):
Նոր Կտակարանին մէջ իւղը կը գործածուէր որպէս նշան բժշկութեան, յարգանքի եւ Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեան, այսպէս.
ա. Տէրը օծելու համար (Մր. 16.1, Ղկ. 7.38, Յհ. 11.2, 12.3):
բ. Հիւանդները բժշկելու համար (Մր. 6.13, Յակոբ 5.14):
գ. Արքայութեան կնիքին նշանը ըլալու համար (Բ. Կր. 1. 22):
Իսկ Հայց. Առաք. Սուրբ Եկեղեցւոյ պարագային, Սրբալոյս Միւռոնով կ’օծուին մկրտուող երեխաները, քահանաները, կուսակրօն հոգեւորականները, եպիսկոպոսները, կաթողիկոսները (բոլոր հոգեւորականները վերջին օծումով կը թաղուին), եկեղեցիները, եկեղեցւոյ սպասները, որմնանկարները եւ սրբոց պատկերները: Նախապէս նաեւ թագաւորները կ’օծուէին:

Առաջին հանգրուանին, Միւռոնօրհնէքէն 10 ամիսներ առաջ, պէտք է հաւաքել բոլոր այն նիւթերը, որոնք կ’օգտագործուին միւռոնի պատրաստութեան համար:
Բոլորն ալ կարելի է ձեռք ձգել, հնդկական շուկաներէն, որոնք այնքան շատ են Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, Հալէպի գոց շուկաներէն, Լիբանանի՝ Թրիփոլիի գոց շուկայէն: Իսկ եթէ քանի մը նիւթեր չգտնուին, կարելի է ապսպրել նախօրօք Սէուտի Արապիա գացող աշխատաւորներուն, Իրանէն կամ Արաբական Ծոցի երկիրներէն: Բերուի բալասանին համար, կարելի է նոյնիսկ Բերուի դեսպաններուն օժանդակութիւնը խնդրել: Վարդի իւղը կարելի է Ռումանիայէն՝ ընտիրը ունենալ:
Երկրորդ հանգրուանին, հաւաքուած նիւթերը պէտք է պղնձեայ սանդերու (հաւան) մէջ ծեծուին փոշիանալու եւ ապա մաղուելու համար, միշտ աղօթասացութեամբ եւ սաղմոսերգութեամբ:
Երրորդ հանգրուանը, որ նոյն ինքն միւռոնը եփելու աշխատանքն է, պէտք է կատարուի գուրգուրոտ վերաբերումով: Արդարեւ, Միւռոնօրհնէքէն 47 օրեր առաջ, յետ Առաւօտեան Ժամերգութեան, պէտք է կատարուի իւղերու, տունկերու, սերմերու, հատիկներու եւ արմատներու օրհնութիւնը Վեհափառ Հօր գլխաւորութեամբ: Օրհնութեան աւարտին, մարեմանոթի (Bain-marie) ձեւով պատրաստուած խոշոր կաթսային մէջ, երկաթէ եռոտանիով 25 սանթի մեթր բարձրացուած համեմատաբար փոքր կաթսային մէջ ձիթենիի եւ դափնիի իւղերը կը լեցուին, իննը ժամ եփելու համար: Իննը ժամ եփելէ յետոյ ձէթն ու դափնին, եւ մաքրելէ յետոյ անոնց մրուրները, Երեկոյեան Ժամերգութեան սկիզբը, որ երկու օր կը կատարուի տեղւոյն վրայ, Վեհափառ Հայրապետը միաբաններու ընկերակցութեամբ կը պարպէ պատրաստուած տունկերու, ծաղիկներու, արմատներու եւ խունկերու մաղուած նիւթերը, արդէն մրուրներէն մաքրուած եւ միախառնուած: Այնուհետեւ, խմորով ծեփելէ յետոյ կաթսան, կը սկսի միախառնումը ձէթին եւ նիւթերուն: Երեք ժամը անգամ մը կը բացուի կափարիչը, յատուկ փայտէ շինուած շերեփով մը խառնելու համար, որպէսզի փոշին ձէթը քաշելով կաթսային յատակը չմնայ միայն: Եւ այսպէս երկու օր՝ գիշեր ու ցերեկ 48 ժամ եփելէ յետոյ, վերջ կը գտնէ միւռոնի պատրաստութիւնը:
Ուշադրութիւն. յաճախ նիւթերը ձէթին մէջ կը թափուին ամբողջութեամբ, բայց երբեմն նաեւ կտաւներու մէջ, որպէսզի ձէթը ծծէ կտաւին մէջ եղած համեմներուն բոյրը: Սակայն, կտորին մէջ դրուած նիւթը անպայման չի ձուլուիր ձէթին մէջ, օրինակ՝ խունկը, առանց խառնուելու կը քարանայ: Հետեւաբար, անիմաստ կ’ըլլայ անոր գոյութիւնը: Նախընտրելի է ամբողջութեամբ դնել եւ երեք ժամը անգամ մը խառնել:
Չորրոդ հանգրուանը միւռոնի պատրաստութեան, զայն զտելու աշխատանքն է: Միւռոնը եփելէ յետոյ երկու օր պէտք է հանգչի գանձատան մէջ, որպէսզի դիրտը (նստուածք) յատակ իջնելով դիւրին ըլլայ զայն զտել: Ապա, յատուկ կերպով պատրաստուած կտաւէ տոպրակներու մէջէն անցնելով կը սկսի զտումը: Կտաւը նախընտրելի է որ ըլլայ «խամ կտոր», որպէսզի կտորին ծակտիկները կարելի եղածին չափ ըլլան խիտ: Նախ՝ մէկ երես կտաւով, երկրորդ անգամ, երկու մէջ-մէջի զետեղուած կտաւներով, երրորդ անգամ, երեք մէջ-մէջի զետեղուած կտաւներով, չորրորդ անգամ, չորս մէջընդմէջ կարուած կտաւներով: Զտումի աշխատանքները վերջացած ըլլալով, Սրբալոյս Միւռոնի կաթսան մէջը լեցուն միւռոնով, սաղմոսերգութեամբ եւ շարականներու երգեցողութեամբ կը տեղադրուի Մայր Տաճարին Աւագ Խորանին ձախակողմը (աջակողմ):
Շարունակելի
Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիքեան