«Ամենայն չարիք մտանեն ի միտս մարդոյ յանուսումնութենէ» (Եղիշէ)

Ի՞նչ է միւռոնին խորհուրդը եւ բաղադրութիւնը

Հաւատացեալ ժողովուրդի փափագը՝ ստանալու օրհնութիւն սրբալոյս միւռոնէն
Հաւատացեալ ժողովուրդի փափագը՝ ստանալու օրհնութիւն սրբալոյս միւռոնէն

Սկիզբը՝ այստեղ

Ա. Սրբալոյս Միւռոնը մարդկային մեղաւոր հոգիները փրկութեան առաջնորդող այն դեղն է, որ կը բուժէ ախտը եւ մարդուն կեանքին առաջնորդ կ’ըլլայ: Անիկա ողբերգութեան շնորհքին հեղումն է մարդուն վրայ, որով մարդը կը բարձրացնէ առ Աստուած եւ զայն կը դարձնէ որպէս որդեգիր Աստուծոյ՝ լուսաւոր արքայութեան: Անով մարդը սրբուելով յաւիտենական հանգիստին կ’արժանանայ:

Բ. Սրբալոյս Միւռոնը այն շնորհքն է, որով Աստուած իրմէ վախցողները դարձուց Նոր Ուխտի ծառաներ եւ այդ բոլորը ըրաւ Իր Արեան հեղումով, որպէսզի մարդիկ Քրիստոսի հօտը ըլլան, «Դառնալով թագաւորներ ու քահանաներ, սուրբ ազգ մը եւ սեփական ժողովուրդ…, իրենց վրայ առնելով Քրիստոսի զօրութիւնը…»:

Գ. Սրբալոյս Միւռոնը այն կնիքն է, որով չարը հեռու կը մնայ մարդէն, որովհետեւ այնքան ատեն որ Ս. Հոգին խորհրդանշող Միւռոնը մեր մէջ կը մնայ, «պէտք չունինք ուրիշ մէկէն սորվելու: Հոգին Ինք կը սորվեցնէ… ամէն բան, եւ կը սորվեցնէ ճշմարիտը, եւ ոչ թէ ստութիւնը» (Յհ. 2.27):

Միւռոնի հիմնական նիւթը թէեւ ձէթն է, սակայն կանուխ ժամանակներէն գործածութեան դրուած է նաեւ բալասանը: Իսկ Հայց. Առաք. Եկեղեցին, բացի ձէթէն եւ բալասանէն նաեւ կը գործածէ 40-է աւելի ծաղիկներ, բոյսեր, համեմներ, ծաղկաջրեր, արմատներ, տունկեր, անուշահոտ խունկեր եւ իւղեր: Միւռոնի օրհնութեան համար կարեւոր է 40 տեսակներու գործածութիւնը: Թէեւ հին տպագիր եւ ձեռագիր «Մաշտոց»ներու մէջ կը հանդիպինք 40-է աւելի նիւթերու, որոնք սակայն կրկնութիւններ են եւ փոխարինելի:

Միւռոնին նիւթերը
Միւռոնին նիւթերը

Օրինակ. եթէ ցանկին մէջ յիշուած է նարինջի ծաղիկին ջուրը եւ նարինջի ծաղիկը, չի նշանակեր, որ երկուքն ալ անհրաժեշտութիւն են, որովհետեւ նոյնն են: Չմոռնանք, որ երբեմն միւռոնի պատրաստութիւնները տեղի կ’ունենան գարնան, երբեմն՝ աշնան, ամրան, նոյնիսկ՝ ձմրան: Աշնան նարինջի ծաղիկ չես կրնար գտնել, անիկա գարնան կը ծաղկի: Բայց ծաղիկէն պատրաստուած ջուրը կարելի է օգտագործել աշնան, ամրան կամ ձմրան: Նոյնն է պարագան նաեւ վարդին եւ վարդի ջուրին: Ծիսական հրահանգներուն մէջ երբեմն Վարդ արձանագրուած է: Եթէ պատահի որ նոյնիսկ չոր վարդ ունենանք աշնան պատրաստուելիք միւռոնին համար, քանի՞ հարիւր քիլօ պէտք է ձեռք ձգել, որպէսզի՝ քանի մը կաթիլ վարդի ջուր, չըսելու համար վարդի իւղ ունենանք: Իսկ եթէ վարդի իւղը կ’օգտագործենք միւռոնին մէջ, ի՞նչ տրամաբանութեամբ վարդի ջուր կամ չորցած վարդի թերթիկներով պատրաստուած փոշի պիտի գործածենք: Վարդ, վարդի ջուր, վարդի իւղ, պլպլուկ վարդ. պարզապէս նոյնն են: Դափնի, դափնեհունտ, դափնեծաղիկ, նոյնն են: Բալասան, Հրէաստանի բալասան, նոյնն են: Մանուշակ, արմատ մանուշակի, նոյնն են: Նարդոս խաթայի, նարդոս հնտի կամ հնդկական նարդոսը եւ պարսկական նարդոսը նոյնն են: Նարինջի ծաղիկն ու նարինջի ծաղիկի ջուրը, նոյնն են:

Բայց դժբախտաբար երբեմն ալ շփոթուած են եւ նոյնը կը կարծուին՝ Կասիան եւ դարիսնեկը կամ դարսենիկը իրարու հետ, որոնք անկախաբար կարեւոր են եւ նոյնը չեն: Ծաղիկի ջուրը, նարինջի ծաղիկին ջուրը եւ վարդի ջուրը, որոնք անկախաբար կարեւոր են, եւ նոյնը չեն: Երբեմն շփոթուած են դափնեկեռասն ու դափնեպտուղի իւղը կամ դափնին: Նոյն ընտանիքին կը պատկանին, բայց նոյնը չեն: Մէկը ղար կոչուած օճառին պտուղն է, միւսը մէհլէպ կոչուած համեմն է: Զգո՜յշ. անգլերէն թարգմանութիւնները պէտք չէ շփոթ ստեղծեն: Երբեմն շփոթուած են վաղմերուկն ու սորեակը, որոնք անգլերէնի մէջ նոյն անուններով ճանչցուած են: Նոյն ընտանիքին մաս կը կազմեն, բայց տարբեր արմատներ են: Եթէ անգլերէն լեզուով Water Lily փնտռենք, նունուֆար չենք գտներ, այլ՝ հարիւրաւոր տեսակի Water Lily -ներ, որոնք անպայման նունուֆար չեն: Հետեւաբար, այս առիթով, թրքերէն եւ մանաւանդ արաբերէն լեզուով արձանագրուածներուն աւելի կարեւորութիւն պէտք է տալ, նկատի ունենալով արաբերէնի հարուստ ժառանգութիւնն ու լեզուն:

Յաճախ, օգտուելով հին «Մաշտոց»ներու թոյլտուութենէն, միւռոնի պատրաստութեան մէջ կ’օգտագործուին նաեւ այլ անուշահոտ համեմներ, իւղեր, արմատներ եւ տունկեր: Բայց պէտք չէ չափազանցութեան երթալ: Մեր Եկեղեցւոյ Հայրերէն՝ Սարգիս Շնորհալին, նիւթին կարեւորութեան մասին խօսելով կ’ըսէ. «Այստեղ կ’ըսուի, Տիրոջ անունով իւղով օծեն: Ասկից յայտնի է, ինչպէս որ կը կարծես, թէ առողջութիւն տուողը հիւանդին ոչ թէ իւղն է, այլ՝ Տիրոջ Անունը»: Արդ, կարելի է այս կամ միւսը ուրիշով մը փոխանակել՝ չգոյութեան պատճառով եւ այս ծիսականօրէն արտօնուած ըլլալու կամ չըլլալու հարց չէ, որովհետեւ պատրաստողը ինք կրնայ որոշել պէտքին համաձայն եւ «իր ձեռքին գործը տեսնել», կարեւորը Տիրոջ Անունն է: Զգո՜յշ. Տիրոջ Անունը չշահագործել գործը արդարացնելու համար:

Միւռոնին իւղերը

Իսկ Ս. Ներսէս Շնորհալիի օրով, երբ յոյներ կ’իմանան, որ հայեր ձիթաիւղ չեն գործածեր միւռոնի համար, այլ՝ շուշմայի իւղ, այս մէկը հակառակ նկատելով Եկեղեցւոյ աւանդութեան, կը պահանջեն, որ հայեր եւս ձիթաիւղով պատրաստեն միւռոնը, եւ այն ալ, որպէսզի երկու եկեղեցիներու միութեան արգելք եղող տարբերութիւններէն մէկը վերցուած ըլլայ: Շնորհալի կը պատասխանէ. «Դարձեալ գրած էիք ձեր նամակին մէջ, թէ մեր Մեռոնը շինուած է շուշմայ ըսուած բուսային ձէթէն եւ ոչ ձիթենիի իւղէն: Ասիկա շիտակ է, եւ պատճառն ալ ուրիշ բան չէ, բայց եթէ Հայոց Աշխարհին մէջ ցուրտ կլիմայի պատճառաւ ձիթենի չգտնուելուն, ի՛նչ ձէթ որ կը գտնուէր, զայն ըրին Մեռոնի նիւթ. եւ ասոր մէջ ոեւէ հոգեւոր վնաս (մեղք) չի տեսնուիր, որովհետեւ եթէ ունենար զօրութիւնը, կ’արժէր միայն այդ նիւթը փնտռել, որուն մէջ աստուածային զօրութիւն գտնուած ըլլար. իսկ եթէ քահանայական աղօթքն ու օրհնութիւնն է որ աստուածային շնորհքը կը միախառնէ ձէթին հետ, այն ատեն ոեւէ առաւելութիւն կամ պակասութիւն չըլլար եթէ ձէթը ծառէն ըլլայ կամ բոյսէն: Ինչպէս որ Քրիստոսի Արեան նիւթ եղող գինին՝ ընդունելի է ի՛նչ գոյնով ալ ըլլայ՝ թէ սեւ, թէ կարմիր եւ թէ ճերմակ»:

Ահա´ «Մաշտոց»ներու հրահանգը. Սսոյ Մայր «Մաշտոց»ին մէջ յիշուած են 42 տեսակ բոյսերու անուններ: Էջմիածնի «Մաշտոց»ին մէջ՝ 45 տեսակ բոյսերու անուններ, որոնց վրայ կու գայ աւելնալու ձէթն ու գինին: Ու կը հրահանգուի՝ «Եթէ այս նիւթերէն մէկը կամ երկուն եւ կամ երեքը պակաս ըլլան, թող չարգիլուի Միւռոնի օրհնութիւնը»:

Ազգային Մատենադարանի (Ղալաթին) թիւ 237 Ձեռագիր «Մաշտոց»ին մէջ 46 անուններ կան: Իսկ թէ ինչո՞ւ 40 տեսակ պէտք է օգտագործել, որովհետեւ «40-ը ապաշխարութեամբ առաքելութեան բացուելու խորհրդանիշն է»: Միւռոնի բաղադրութեան մէջ օգտագործուած նիւթերէն ոմանք ուղղակի աստուածաշնչական են, իսկ մնացեալը բժշկական, օրինակ՝ Հալուէն (Սղ. 45.8), Բալասանը (Ծն. 37.25), Պրտուեղը (Ել. 2.3), Խնկեղէգը (Երգ. 4.14), Գինձը (Ել. 16.31), Քիմոնը, Չամանը, (Ես. 28.27), Շուշանը (Մթ. 6.28), Սամիթը (Մթ. 23.23), Զմուռսը (Մթ. 2.11), Նարդոսը (Երգ. 1.12, 4.14) եւ Նգածաղիկը (Եր. 23.15):

Շարունակելի

Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիքեան

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

Նոր հոդվածներ

Բանակը հասարակության հայելին է

Հայոց բանակի, նրանում եղած խոտելի երևույթների և համընդհանուր պատասխանատվության մասին

Մեր ազգային դժբախտությունը

«Գիտունին գերի եղի՛ր, անգետին սիրելի մի՛ եղիր»…Ժողովրդական առած 2019 թ. դեկտեմբերի 20-ին ՀՀ...

Եկեղեցու ղողանջները

Զանգի գյուտն արվել է դեռևս 4-րդ դարում Իտալիայի Նոլա քաղաքում: Բուն Հայաստանում առաջին անգամ Սբ. Հովհան Մանդակունի...

Աղօթքի մասին

«Աստուած հեռու է ամբարիշտներից, բայց նա լսում է արդարների աղօթքը»…Առակ. ԺԵ. 29 Աղօթքը...

Կոմիտաս` Էջմիածնի հալածված միաբանը

...Մայր Աթոռ Էջմիածնի միաբանությունում Կոմիտասի շուրջ խեղդիչ մթնոլորտն ավելի ծանրացավ, երբ վախճանվեց Խրիմյան Հայրիկը։

Շատ ընթերցուած

Մեր ազգային դժբախտությունը

«Գիտունին գերի եղի՛ր, անգետին սիրելի մի՛ եղիր»…Ժողովրդական առած

Քրիստոսի միաւորութեան մասին

«Եւ Բանն մարմին եղեւ եւ բնակեաց ի մեզ»…Յովհ. Ա 14

Բանակը հասարակության հայելին է

Հայոց բանակի, նրանում եղած խոտելի երևույթների և համընդհանուր պատասխանատվության մասին

Յարակից նիւթեր