ԿՈՉՆԱԿ

Միւռոնին ծագումը

Սրբալոյս միւռոնի արծաթէ կաթսան
Սրբալոյս միւռոնի արծաթէ կաթսան

Մեռոն, Միռոն կամ Միւռոն, յառաջ եկած է յունարէն μύρον բառէն, որ կը նշանակէ «անոյշ իւղ», «օծանելիք», «հոտաւէտ հեղուկ» կամ «բուրող հիւթ»: Արեւելքի մէջ անուշահոտ իւղերով եւ ձէթով մարմինն ու մազերը օծելը նախաքրիստոնէական դարերէն սկսեալ կարեւոր էր եւ յատկանշական: Նոյնն էր պարագան նաեւ յոյներուն եւ հռոմայեցիներուն: Իւղ քսուիլը խորհրդանիշ էր հարստութեան, ազնուականութեան, ցնծութեան եւ յաղթանակի: Մեծարեալ հիւրերը տանտէրերուն կողմէ անուշահոտ իւղերով ու ձէթով կ’օծուէին:

Իւղով օծումը առողջարար կը նկատուէր. սովորութիւն մը, որ ցարդ կը կիրարկուի Ծայրագոյն Արեւելքի ժողովուրդներուն կողմէ, որպէս լաւագոյն դարման վէրքերու եւ բեկումներու: Պարագան նոյնն էր նաեւ հրեաներուն:

Իւղը, բայց մանաւանդ ձիթաիւղը ցորենին եւ գինիին չափ կարեւոր էր Ասորիներուն համար, որովհետեւ զայն կը գործածէին, որպէս խաղաղութեան խորհրդանիշ: Թագաւորներ, որպէս ընծայ իրարու ոչ միայն ոսկի, այլ՝ ի միջի այլոց, ձէթ կը ղրկէին:

Եգիպտացիներուն համար ձէթը «աստուածներու» լոյսին ճառագայթումը կը խորհրդանշէր մարդկային մարմիններուն վրայ: Ցարդ, Հնդկաստանի մէջ, ձէթը մաքրութեան միակ խորհրդանիշն է: Ուտելէն աւելի իրենց մարմիններուն կը քսեն: Զրադաշտութեան մէջ իւղ կը քսուէին անոնք, որոնք քուրմերուն կողմէ կը նկատուէին զգաստ, աչալուրջ, շրջահայեաց, եւ չաստուածներու հաւատարիմ հետեւորդներ:

Բնականաբար, իր ծագումնաբանութեան մէջ, պէտք չէ փնտռել այսօրուան միւռոնը իր բաղադրութեամբ, այլ՝ ընդհանրապէս իւղը, անուշահոտ իւղը, ձէթը՝ որպէս օծանելիք, ինչպէս անուշահոտը՝ այսօր: Այսքանը պատմութեան հոլովոյթին մէջ: Մինչդեռ Սրբալոյս Միւռոնի ծագումը կարելի է փնտռել միա՛յն Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հաւատալիքներու առարկան եղող Աստուածաշունչ մատեանին մէջ:

Հին Կտակարանին մէջ դարձեալ Սրբալոյս Միւռոնը չի յիշատակուիր որպէս «Միւռոն», այլ՝ որպէս «օծման իւղ» (Սղ. 103.15): Հին Կտակարանի էջերուն մէջ օծման իւղով կամ ազնիւ իւղով զգեստներ, սրբատեղիներ, խորաններ, զոհասեղաններ եւ զոհասեղանի առարկաներ կը նուիրագործուէին, մատաղները ազնիւ իւղով կը պատրաստուէին եւ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներն ու թագաւորները կ’օծուէին:

Այսպէս. Ծննդոց 35.14-ին մէջ կը կարդանք. «Ու Յակոբ քարէ արձան մը կանգնեց այնտեղ՝ ուր Աստուած իրեն հետ խօսեցաւ. եւ անոր վրայ թափելու նուէր մատուց ու անոր վրայ իւղ թափեց»: Ելից 25.6-ին մէջ կը կարդանք, թէ ինչպէս Աստուած Սուրբ Խորանին համար Մովսէսէն կը պահանջէ՝ «Լուսակալին համար իւղ, օծման իւղին եւ անուշահոտ խունկի համար բուրումնաւէտ համեմներ…»: Ելից 29.21-ին մէջ Աստուած Մովսէսին կը հրահանգէ Ահարոնն ու անոր որդիները սրբացնելու համար՝ «Սեղանին վրայ եղած արիւնէն ու օծման իւղէն առնել, եւ Ահարոնին, անոր զգեստներուն, անոր որդիներուն ու որդիներուն զգեստներուն վրայ սրսկել», որպէսզի՝ «անիկա ու անոր զգեստները եւ անոր հետ իր որդիները ու իր որդիներուն զգեստները» սուրբ ըլլան:

Իսկ Ելից 40.9-ին մէջ Աստուած Մովսէսին կը հրահանգէ, ըսելով. «Ա՛ռ Օծումի Իւղը եւ օծէ՛ խորանն ու անոր մէջ եղող ամէն ինչ. սրբացո՛ւր զայն եւ անոր բոլոր առարկաները, որպէսզի սուրբ ըլլան: Օծէ՛ ողջակէզի զոհասեղանն ու անոր բոլոր առարկաները …»: Ղեւտացւոց 2.7-ին մէջ Աստուած Մովսէսին այսպէս կը հրահանգէ. «Եթէ մատաղդ սանի մէջ եփուած հացի ընծայ է, իւղով շաղուած նաշիհէ թող պատրաստուի…», «Անոր վրայ ի՛ւղ թափէ, ու կնդրո՛ւկ դիր վրան…» (Ղւ. 2.15), «Քահանան անոր յիշատակի մասը, …մաս մը անոր իւղէն…, անոր ամբողջ կնդրուկին հետ, թող այրէ. ասիկա Տիրոջ ընծայուած պատարագ մըն է»: (Ղւ. 2.16):

Թուոց 4.16-ին մէջ կը կարդանք, որ. «Ահարոն քահանային որդին՝ Եղիազար, լոյսի իւղին ու անուշահոտ խունկին եւ հանապազօրեայ հացի ընծային ու օծման իւղին վրայ վերակացու պիտի ըլլայ…»: Տակաւին, Ա. Թգ. 16. 12-13-ին մէջ կը կարդանք, թէ ինչպէս, Սամուէլ, իւղը Ս. Հոգւոյն իբրեւ նշանակ կը հեղու Դաւիթին վրայ եւ «Այդ օրէն սկսեալ, Տիրոջ Հոգին Դաւիթը համակեց…»: Սաղմոս 23.5-ին մէջ այսպէս կը կարդանք. «Ինծի խնճոյքի սեղան կը պատրաստես թշնամիներուս աչքին առջեւ: Իբրեւ պատիւ՝ անուշահոտ իւղով կ’օծես գլուխս, եւ բաժակս մինչեւ բերան կը լեցնես»:

Սաղմոսներու գրքի 45.7-8-ի մէջ թագաւորին հարսանիքին առիթով գրուած ներբողին մէջ այսպէս կը կարդանք. «Ահա թէ ինչո՞ւ Աստուած, քու Աստուածդ, ուրախութեան իւղով օծեց քեզ, բոլոր թագաւորներէն վեր կարգելով: Զմուռս, հալուէ եւ կասիա կը բուրեն զգեստներդ…»: Անհաւատարիմ եւ չարացած Երուսաղէմին մասին Աստուած այսպէս կ’ըսէ, Եզեկիէլի մարգարէութեան 16.9-ին մէջ. «Քեզ ջուրով լուացի, քու վրայէդ արիւնդ մաքրեցի, ու քեզ հոտաւէտ իւղով օծեցի»:

Նոր Կտակարանին մէջ եւս ակներեւ է Իւղին գործածութիւնը, որպէս օծման իւղ, ազնիւ իւղ եւ թանկագին իւղ: Իւղով օծուիլը Նոր Կտակարանին մէջ կը նշանակէ մեծարանք, յարգանք ու պատիւ: Այս մասին Յովհաննու Աւետարանի 12.3-ին մէջ, կը կարդանք. «Զատիկէն վեց օր առաջ Յիսուս Բեթանիա եկաւ … ընթրիքի ատեն Մարիամ շիշ մը ազնիւ եւ սուղ նարդոսի իւղ առնելով օծեց Յիսուսի ոտքերը եւ իր մազերով սրբեց զանոնք»: Նարդոսը անուշահոտ իւղ է, որ կը հաշուէ քսանհինգ տեսակ թուփեր: Անոնցմէ ոմանք կը բուսնին Միջերկրականեան երկիրներու մէջ, իսկ ոմանք Պարսից Ծոցի եւ Հնդկաստանի մէջ: Նարդոսի ընտանիքէն յայտնի է «Ճաւզպուա»ն, որ կը կոչուի նաեւ «Ընկոյզ Հնդկաց» լատիներէն՝ Miristica Moschata:

Մարկոսի Աւետարանին 6.12-13-ին մէջ կը կարդանք, որ երբ առաքեալներ կը ղրկուին՝ ուսուցանելու եւ չար ոգիներուն վրայ իշխանութիւն ստանալով բժշկութիւններ կատարելու, անոնք Աստուծմով զօրացած բազմաթիւ չար ոգիներ կը հանէին, շատ մը հիւանդներ իւղով կ’օծէին եւ զանոնք կը բժշկէին: Ղուկաս 23.55-56-ին մէջ կը կարդանք, թէ ինչպէս Քրիստոսի թաղումէն ետք «Կիները, որոնք Գալիլիայէն Յիսուսի հետեւած էին…» տեսնելէ ետք Յիսուսի թաղուած գերեզմանը՝ «Տուն վերադարձան եւ խունկեր ու իւղեր պատրաստեցին…»:

Հետեւաբար, աչքի առջեւ ունենալով Աստուածաշունչ Մատեանը, կը հաւատանք, որ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Սրբալոյս Միւռոնի ծագումը կու գայ Աստուածաշունչէն:

Շարունակելի

Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիքեան

Exit mobile version